ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Յոյսը վերլուծել կամ յոյսի մասին արտայայտուիլ՝ կը նշանակէ հաւատքին ծանօթ ըլլալ: Հաւատքի լոյսին տակ ըմբռնելի կը դառնայ երկնային երկրորդ առաքինութիւնը՝ յոյսը, որ կամուրջ մըն է նետուած առաջինին՝ հաւատքին ու երրորդին՝ սիրոյն միջեւ: Առանց հաւատքին, յոյսը կը մնայ տեսութիւն ու վերացական գաղափար: Իսկ հաւատքին կողքին անմնացորդ սէրը՝ առաջնորդութիւն կու տայ մարդուն ո՛չ միայն ընդունելու, այլեւ լիարժէք ըմբռնելու յոյսը, զայն ապրելով եւ ի հոգւոյ ապրեցնելով: Արդար եւ իրաւ, որ ժամանակի բոլոր ներկաներուն, կեանքի դաշտին վրայ մարդուն համար կարեւորագոյն կը մնայ ՅՈՅՍԸ խորախորհուրդ, հաստատուած՝ ժայռեղէն ՀԱՒԱՏՔԻՆ վրայ եւ օծուած՝ ճշմարիտ ՍԻՐՈՎ (Հմմտ Ա. Կր 13.13):
Աստուծոյ Գիրքը՝ Աստուածաշունչ Մատեանը, որպէս բոլոր ժամանակներու անժամանցելի հատոր, ընթերցողին մանրամասնօրէն կը սորվեցնէ յոյսի մասին: Անիկա կը բացատրէ յոյսը՝ յուսալից դէպքերու, յուսաբեր դէմքերու, յուսաբոյր արտայայտութիւններու ընդմէջէն: Ս. Գիրքը որպէս մարդուն կեանքի դասագիրքը, ՅՈՒՍՈՅ ԳԻՐՔը, կեանքի բոլոր եղանակներուն՝ մարդը կը ներշնչէ վստահելու Աստուծոյ, պայքարելու յուսախաբութիւններու դէմ, ինչպէս նաեւ իր վրայէն ընդմիշտ թօթափելու քրիստոնեայ մարդուն ոչ արտօնելի ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ անուն մահաքունը: Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, որ մարդը իր կեանքի ընթացքին կրնայ յուսախաբութիւններ դիմագրաւել, բայց պէտք չէ յուսահատութիւններ ունենայ, որովհետեւ վերջինս սպառում կը հոտի: Յուսահատութիւնը ինքնավատնում է, Աստուծոյ մեզի տուած հոգեւոր զօրութեան չէզոքացումն է: «Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ՛անցնիմ, չարիքէ մը չեմ վախնար, Տէ՛ր, քանի դուն իմ հետս ես». Սաղմոս 23.4ի բառերը այս իմաստով մարդը վերականգնելու լաւագոյն ուղենիշ են:
Նոր տարի մը դարձեալ կանգնած է կեանքի դրան սեմին: Տօնական է մթնոլորտը ամէն տեղ: Մեծ թէ փոքր, բոլոր մարդիկ, ամէնքն ալ յատուկ յոյսով կը սպասեն տարեդարձին, ա՛յն համոզումով, որ Նորը կը ձգտի ըլլալ աւելի լաւ ժամանակամիջոց մը: Իսկ անոր գալուստը, մինչեւ իսկ դժբախտագոյն էակին համար, կը սիրեմ յուսալ, զանազան դաշտերու վրայ հոգեպէս ուրախանալու առիթ եւ յուսոյ խունկին բուրմունքը ներծծելու պատեհութիւն կը ստեղծէ:
Շուտով սկիզբ կ՛առնէ 2019ը, որուն ընթացքը նախորդներուն նման ամփոփուած պիտի մնայ միանգամեայ թափօրի այն երթով, որ նոր թուականին Երկիրը պիտի բռնէ Արեւուն շուրջ: Ու դա՛րձեալ Գարունը պիտի ծաղկի, Ամառը պիտի հասնի, արեւ-անձրեւ, ժպիտ-արցունք, յաղթանակ-պարտութիւն եւ միւս բոլորը իրենց տեղերը պիտի գրաւեն օրացոյցի էջերուն վրայ: Այս իմաստով, եթէ համալրուած արդարութիւնը միշտ ալ հասկնալի չըլլայ բոլոր մարդոց, եկող Նորով, սակայն, բոլորին մէջ դա՛րձեալ պիտի վառի յուսոյ կրակը: Եւ պէ՛տք է վառի այդ կրակը, որ կեանքին տայ ջերմութիւն եւ լոյս: Յուսոյ կրակին բացակայութիւնը պարզապէս սառոյց կը յառաջացնէ, ցրտութիւն ու խաւար կը պատճառէ:
Յոյսը մեծօրհնեալ առաքինութիւն մըն է, ՍՈՒՐԲ ՈՒԺ Է, մաքուր եւ դրական էներժի է, որ սեփականութիւնն է միայն ողջերուն: Անոր իմաստն է կենսաւորել եւ արգասաւորել գալիք օրերը:
Վերջապէս,
Կ՛ՈՒԶԵ՞Ս ԱՊՐԻԼ: ՊԷՏՔ Է ՅՈՒՍԱՍ:
Կ՛ՈՒԶԵ՞Ս ՅՈՒՍԱԼ: ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻՍ: