Այս տարի, «Ասպարէզ»ի հայերէն բաժնի խմբագրութիւնը իր Նոր Տարուան բացառիկը նուիրած է հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւններէն՝ ՀՄԸՄին, անոր հիմնադրութեան հարիւրամեակը նշանաւորելու նպատակով:
Բացառիկ այս թիւին մէջ ներկայացուած է ՀՄԸՄի պատմութիւնը՝ կեդրոնանալով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կառոյցին, անոր լայն գործունէութեան վրայ:
Այս թիւին նիւթերու պատրաստութիւնը ամբողջութեամբ կը պարտինք վաստակաւոր ՀՄԸՄական, հասարակական գործիչ եւ մամուլի աշխատող Մարօ Քէշիշեանին, որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:
Բացառիկը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ. երեքը՝ հայերէն, մէկը՝ անգլերէն: Վերի նկարը՝ առաջին բաժնի կողքն է:
Ամանորի նախօրէին կը շնորահաւորենք մեր ընթերցողներուն, հովանաւորներուն, համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ համայն ազգին Նոր Տարին, մաղթելով Ազգային երազանքներու իրականացում:
If Maro Keshishian is interested in 1931and 1932 Alexandria, Egypt Homenetmen “Gamk” Armenian boy-scout photos, I have five of them that I can scan and email to her.