ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանը իր ծրագիրները հիմնաւորած է ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, որ կը սկսի նոյնիսկ ամենափոքր դասարաններէն:
Աշակերտները ոչ միայն կը սորվին քրիստոնէական արարողութիւններ, երգեր, շարականներ եւ աղօթքներ՝ այլ նաեւ կ՛իրագործեն իրենց սորվածները առօրեայ կեանքին մէջ, գործնականօրէն կը մասնակցին տօներու եւ քրիստոնէական առիթներու, կը սորվին, թէ ինչպէս պէտք է օգնութեան ձեռք երկարել կարիքաւորին, ուրախացնել դժբախտը կամ Աստուծոյ խօսքը տարածել:
Աշակերտները Քրիստոնէական տօներէն Սուրբ Ծնունդը մեծ շուքով կը տօնեն, եւ մանաւանդ մասնակից կը դառնան անոր խորհուրդը տարածելու եւ Սուրբ Ծննդնեան բեմադրութեամբ ծնողներուն իրազէկ դարձնելու Քրիստոսի Մարդեղութեան կարեւորագոյն խորհուրդին եւ Բեթղեհէմի Աստղին բերած խաղաղութիւնը կը սփռեն շրջապատին:
Արդարեւ, Դեկտեմբեր ամիսը, այս տարի եւս բերաւ իր տօնական խորհուրդը, մթնոլորտը եւ զարդարանքները վարժարանին մէջ. անցքերը, սրահները, դասարանները եւ շրջափակը կը խայտային նոր տարուան զուարթութեամբ եւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով։ Նոյնիսկ առաւօտեան արարողութիւնները ընդգրկած էին Սուրբ Ծննդեան եւ նոր տարուան յատուկ շարականներու երգեցողութիւն, ընթերցումներ եւ աղօթքներ, իսկ այս տարուան նորութիւնը մաս մը ուսուցիչներու տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի ընկերակցեութեամբ առաւօտ կանուխ դպրոց հասնող ծնողներուն եւ աշակերտներուն Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը աւետելն էր՝ երգելով Ս. Ծննդեան դասական շարականներ, հիացմունք պատճառելով ծնողներուն եւ ներշնչելով աշակերտները: Այս բոլորը կատարելագործուեցան աշակերտներու խոստովանութեամբ, ապա աշակերտական պատարագով:
Տօնական օրերու նախօրեակին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցան նաեւ կարգ մը բարեսիրական աշխատանքներ, որոնց լաւագոյնն էր աշակերտական խորհուրդի կազմակերպած հաւաքը խաղալիքներու, որոնք յանձնուեցան Մոնթրոզ քաղաքի հրշէջներու կեդրոնին, նաեւ «Candy Gram» ծրագիրը, որուն նպատակն էր սորվեցնել աշակերտներուն արտայայտել իրենց սէրն ու յարգանքը ընկերներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հանդէպ, իսկ անոր եկամուտը տրամադրել բարեսիրական նպատակի մը:
Դեկտեմբեր ամսուան բոլոր գոր-ծունէութիւնները իրենց եզրափակիչ հանգրուանին հասան հանրութեան ներկայացուած աշակերտական հանդէսներով: Այսպէս, տեղի ունեցան Հայ Քոյրերու վարժարանի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի Սուրբ Ծննդեան զոյգ հանդէսները, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19 եւ 21 2018ի օրերուն:
Չորեքշաբթի 19, Դեկտեմբերի գիշերը, Հայ Քոյրերու վարժարանի «Դանիէլեան» սրահը խուռներամ բազմութիւն մը կանուխէն լեցուցած էր. ներկաները՝ ծնողներ, մեծ ծնողներ, հիւրեր, նախկին շրջանաւարտներ, շրջանաւարտ ծնողներ եւ ուսուցիչներ, յոգնեցուցիչ օրուան մը աւարտին հաճոյքը ունեցան ունկնդրելու Ծննդեան խաղաղութիւն մաղթող եւ յոյս ու հաւատք ներշնչող, իրենց զաւակներու մեկնաբանութիւնները՝ աշխարհի տարածքին դասականացած նոր Տարուան յատուկ երգերուն եւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած երկլեզու շարականներուն:
Վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի կատարած բացման խօսքէն եւ մօտեցող տօնական օրերու յատուկ բարեմաղթութիւններէն ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ նախակրթարանի ամենափոքր դասարանէն եւ շարունակուեցաւ մինչեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք բոլորն ալ հաւասարապէս առիթը ունեցան ներկայանալու եւ մեկնաբանելու գեղեցիկ, մշակուած եւ համադրուած ծրագիր մը, հանդիսատէսը փոխադրելով Սուրբ Ծննդեան միստիկ եւ Ամանորեան խանդավառ մթնոլորտին մէջ:
Սրահը լիացած էր տօնական մթնոլորտով, երջանկութեամբ եւ գոհունակութեամբ. մայրապետները, ծնողները, ուսուցիչները եւ աշակերտները՝ Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիքը կը տօնէր Սուրբ Ծնունդը ամբողջ երկու ժամուան տեւողութեամբ, որմէ ետք մեծ երջանկութեամբ համենալով դպրոցին մէջ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հաւաքը շարունակելով համադամ ճաշերով:
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի նախաճաշ-հանդէսը։ Առաւօտ կանուխ վարժարանին «Դանիէլեան» սրահը հրապուրիչ ձեւով զարդարուած էր, հիւրերը կանուխէն ժամանած էին մեծ հետաքրքրութեամբ նախաճաշելու Կաղանդ պապային հետ եւ դիտելու իրենց երեխաներու պատրաստած երգերն ու Ծննդեան թատրոնը: Հրճուանքի եւ յոյսի մթնոլորտ մը համակած էր սրահը. բոլորը տօնական հոգեվիճակով կը սպասէին մանուկներուն գալուստը: Մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանի բացման խօսքէն ետք, աշակերտները երեւցան բեմին վրայ՝ ներկայացնելով 2000 տարուան պարզ պատմութիւն մը, որ փոխեց աշխարհի մարդկութեան աշխարհահայեացքը՝ Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը:
Հակառակ անոր, որ ամէն տարի նոյն թատրոնը կը ներկայացուի, բայց ամէն տարի աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մեծ հաճոյքով կը սպասուի այս թատրոնը. հիանալի պատկեր մըն է՝ դիտել մանուկներու անմեղ եւ հարազատ ներկայացումը քրիստոնէական կրօնքի մեծագոյն տօնին՝ Ծնունդին, երբ Աստուծոյ մարդեղութիւնն է որ կ՛իրականանայ ու կը ներկայացուի բեմահարթակին վրայ, միայն վեց տարեկան մանուկներու կողմէ, որոնք իրենց անմեղ հոգիներով եւ թոթով լեզուով կ՛աւետեն Մանուկ Յիսուսի ծնունդը, որպէսզի աշխարհի մէջ տիրէ խաղաղութիւն եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն. այս սքանչելի պատկերին կու գան միանալու նախամանկապարտէզի եւ ծաղկոցի բոլոր մանուկները՝ իրենց նուէրները մատուցելու Նորածին Մանուկին, ապա իրենց սորված շարականներն ու երգերը մատուցելու ծնողներուն՝ որպէս նոր տարուան նուէր: Ապա խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային ժամանումով, երբ երեխաները հաճոյքի եւ «վախ»ի մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց կաղանդի ծրարները, որ այս տարի հայկական աւանդական ջիր ու չամիչն էր, ապա նկարուելով՝ անոնք անմահացուցին տարի մը եւս:
Զոյգ հանդէսներուն իրականացումն ու յաջողութիւնը կը պարտինք աշակերտներու, ուսուցչուհիներու, տնօրէնութեան եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի ջանքերուն, հմագործակցութեան եւ ծրագրուած աշխատանքին:
Շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն եւ նուիրատուներուն:
Հայ Քոյրերու վարժարանը կը շնորհաւորէ բոլորին Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին՝ մաղթելով առողջ, բեղուն ու խաղաղաբեր օրեր: