ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին սարկաւագի տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեան։
Նկատի ունենալով, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներու, «Տէր Ողորմեա»էն առաջ, խորան բարձրացաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն հետեւեցան սարկաւագները՝ վառուած մոմերը իրենց ձեռքին, «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ, ապա ծնրադրելով՝ ստացան սրբազան հօր օրհնութիւնը, շնորհաւորանքը եւ լսեցին իր պատգամը:
Սրբազանը խօսեցաւ քաջ քարոզիչ, քրիստոնէութեան առաջին նահատակ եւ նախավկայ Ս. Ստեփանոսի սրբակենցաղ կեանքին մասին, գովերգելով անոր խոնարհ ծառայութիւնը ոչ միայն Աստուծոյ, այլ նաեւ ժողովուրդին, հրաւիրելով մեր սարկաւագները եւ եկեղեցւոյ նուիրեալները, հետեւելու նահատակ սուրբին օրինակին: Ապա, ան անդրադարձաւ Քրիստոսի առակներէն՝ «Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը»ին, ցոյց տալով որ իր աղօթքը խոնարհութեամբ, համեստութեամբ եւ ինքնաճանաչութեամբ կատարած մաքսաւորը աւելի արդարացած տուն գնաց, քան հպարտ եւ ինքնահաւան փարիսեցին, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները մաքսաւորի օրինակով աղօթելու:
Առաջնորդը իր խօսքը աւարտեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին բարեմաղթութիւններով, օրհնելով եւ շնորհաւորելով ներկաները։
Պատարագիչ տէր հայրը փառք տուաւ ամենաբարի Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանի ըրաւ պահպանելու եկեղեցւոյս տարիներու բարի աւանդոյթը՝ տարեվերջին հիւրընկալելու առաջնորդը:
Յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, իր հովուական օրհնաբեր այցելութեան եւ ոգեշունչ պատգամին համար։ Ան խնդրեց հաւատացեալներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած՝ առաջնորդին քաջառողջութեան համար:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Ապա, «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ առաջնորդը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր օրհնեց հանգուցեալ ազգային բարերար Կայծակ Օհաննէսեանի հոգւոյն, անոր տիկնոջ՝ Տիկ. Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանի կողմէ տրուած հոգեճաշը, անոր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց բոլորը։