ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն 25 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ յանկարծ Հայաստանէն եկած օդանաւէն իջաւ Կաղանդ պապան եւ բոլոր ներկաներուն բաժնեց Հայաստանի արտադրութեամբ շաքար եւ տուրմ:
Արդարեւ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին, օդակայանի սպասման սրահին մէջ անակնկալօրէն ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբը, որ ներկայացուց Կաղանդի յատուկ պարեր, նաեւ տհոլահարներու խումբը նուագեց եղանակներու փունջ մը՝ Կաղանդի առիթով տօնական յատուկ մթնոլորտ մը ստեղծելով օդակայանին մէջ: Այս ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ճամբորդներուն մօտ, որոնց համար նորութիւն էր նման երեւոյթ մը, եւ անոնք մօտենալով՝ մասնակից դարձան ուրախութեան եւ սկսան նկարելու ու նկարուելու պարախումբին հետ: Այս մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային ժամանումով. վերջինս իր կարգին պարեց պարախումբին հետ՝ առաւել եւս խանդավառելով մթնոլորտը:
Յայտնենք, որ յայտագիրի տեւողութիւնը կէս ժամ էր, սակայն օդակայանի պատասխանատուները՝ խանդավառուած այս նախաձեռնութեան ստեղծած մթնոլորտէն, խնդրեցին, որ կէս ժամ աւելի երկարի յայտագիրը: Հետեւաբար, ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, պարախումբը եւ տհոլահարներու խումբը անգամ մը եւս պարեցին եւ նուագեցին Կաղանդ պապային հետ: