ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի անգլերէնի բաժինին աշխատակից Փօլ Չատրճեանի՝ «Letters to Barbra» («Նամակներ Պարպրային») վէպը, որուն մէջ իւրայատուկ կերպով քննարկումի առարկայ կը դառնայ հայկական ինքնութիւնը, իննամեայ դրսեցիի մը պատմութեան միջոցաւ։
Կտրատուած ոճով գրուած գործը ընթերցողները կը տանի ետ՝ մինչեւ Համաշխարհային Ա.
պատերազմի յաջորդող օրերը ու զանոնք կ՛առաջնորդէ մեզմէ 300 տարի դէպի ապագայ, մէջ ընդ մէջ Խորհրդային Միութիւն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը «այցելելէ» ետք։
Գիրքին խորագիրը կու գայ իննամեայ Ադամի Պէյրութէն գրած նամակներուն՝ երգչուհի Պարպարա Սթրայսենտին։
Վէպը լուսարձակի տակ կ՛առնէ երեխաներու վրայ պատերազմի եւ անմարդկային այլ կացութեանց ունեցած ցնցիչ հետեւանքները եւ հոգեհանգիստ մը՝ մարդուն դէմ անմարդկութեան միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին։
Փօլ Չատրճեան վերջին հինգ տարիներուն լրագրութիւն կը կատարէ Քաթար հաստատուած «Ճազիրա» կայանին համար, իսկ անցեալին աշխատակցած է «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»ին եւ «Արմէնիա» պատկերասփիւռ կայանին հետ, ինչպէս նաեւ հաղորդավարներէն մէկն է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփռուող տարեկան դրամահաւաքներուն։
Հատորը ներկայիս տրամադրելի է «Ամազոն» համացանցային շուկայէն եւ մօտիկ ապագային տրամադրելի պիտի ըլլայ տեղական գրախանութներուն մէջ։
We will order the book soon. We are happy with your accomplishments. Keep up the great work.