ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մետաղային նիւթերու արտադրութեան ծաւալը 2018ի 11 ամիսներուն ընթացքին կրճատուած է 22.6 տոկոսով: Համեմատութեան համար նշենք, որ 2017ի նոյն 11 ամիսներուն ընթացքին այս ոլորտին մէջ արձանագրուած էր 11.4 տոկոսի աճ:
Ազգային վիճակագրութեան վարչութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2018ի 11 ամիսներուն, ֆերոմոլիպտենի արտադրութիւնը աճած է 7.6 տոկոսով եւ կազմած է 6563 թոն: Միայն Նոյեմբեր ամսուն արտադրուած է 819 թոն ֆերոմոլիպտեն, որ 8 տոկոսով աւելի է Հոկտեմբերի ցուցանիշէն:
Խտացուած մոլիպտենի արտադրութիւնը 2018ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն աւելցած է 0.8 տոկոսով. Նոյեմբերին արձանագրուած է 14.2 տոկոսի անկում:
Սեւ պղինձի արտադրութիւնը այդ ժամանակահատուածին կր-ճատուած է 18.5 տոկոսով՝ հասնելով 8831 թոնի: Խտացուած պղինձի արտադրութիւնը կրճատուած է 25.9 տոկոսով, իսկ միայն Նոյեմբերին՝ 35.1 տոկոսով:
Ալիւմինէ փայլաթիթեղի արտադրութիւնը անցեալ տարուան առաջին 11 ամիսներուն ընթացքին նուազած է 12 տոկոսով՝ կազմելով 26.714 թոն, իսկ միայն Նոյեմբերին նուազումը եղած է 8.9 տոկոս:
Պողպատէ խողովակներու արտադրութիւնը կրճատուած է 1.9 տոկոսով, իսկ Նոյեմբերին՝ 12.1 տոկոսով: Խտացուած զինկի արտադրութիւնը աւելցած է 18.2 տոկոսով, իսկ միայն Նոյեմբերին արձանագրուած է 68.5 տոկոսի անկում: