Դեկտեմբեր 2018ին լոյս տեսած ՀԲԸՄի ամսագիրը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ տարի՝ 2017ին, բարեգործական կազմակերպութիւնը ստացած է շուրջ 17 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ:
16,957,436 տոլար գումարը գոյացած է մեծ եւ փոքր նուիրատուութիւններէ: Մեծագոյն նուիրատուներն են՝ Ժագլին Շալճեանի կտակը՝ 3,220,033 տոլար, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ՝ 2,760,000 տոլար, Փաուլա Պալատուրի կտակը՝ մէկ միլիոն տոլար, Փօլ Մարսուպեան՝ 650,000 տոլար, Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններ՝ 640,000 տոլար, Վուտրօ Մայքըլ Քէհիայեան՝ կէս միլիոն տոլար: