ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայցնող պատուիրակութիւն մը 28 Դեկտեմբերին այցելեց Հայաստանի հիւպատոսարան՝ շնորհաւորելու համար հիւպատոսութեան անձնակազմին եւ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Լեւոն Կիրակոսեան մարմինին բարեմաղթանքները փոխանցեցին գլ-խաւոր հիւպատոսին ու անոր ընկերացող հիւպատոս Վարազդատ Պահլաւունիին:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նաեւ կազմակերպութեան զօրակցութիւնը յայտնեցին հիւպատոսարանի աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ անվերապահ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն:
Գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան ողջունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը եւ ներկայացուց հիւպատոսութեան յառաջիկայ ծրագիրները: Գլխաւոր հիւպատոսը նաեւ արտայայտեց իր պատրաստակամութիւնը՝ յարաբերութիւնները առաւել սերտացնելու համայնքի կազմակերպութիւններուն եւ ՀՅԴի շուրջ համախմբուած կառոյցներուն ու միութիւններուն հետ: