ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ շուրջ ամիս մը առաջ հիմը դրուեցաւ «Քնար Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանին, որ օրական 24 ժամ դրութեամբ կը սփռէ միայն հայկական երաժշտութիւն՝ առանց առեւտրական ծանուցումներու:
«Քնար Ռատիօ»ն կրնաք ունկնդրել ձեր i-phoneի կամ որեւէ android բջիջային հեռաձայնի սարքի միջոցաւ, ներբեռնելով յատուկ յաւելուած մը: Յաւելուածը տրամադրելի է Knar Radio-ի «Ֆէյսպուք»ի էջէն: «Քնար»ի երաժշտական ծրագիրը կրնաք նաեւ զետեղել ձեր համակարգիչին վրայ, հետեւեալ կայքի օգտագործումով՝ http://cast.thiff.com:8084/stream:
ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութիւնը այս աշխատանքին իրականացումը վստահած է յատուկ յանձնախումբի մը, որ կազմուած է հետեւեալ անձերէն՝ Շանթ Աւետիսեան, Վարուժան Պաղտասարեան, Յակոբ Չափարեան, Վաչէ Յարութիւնեան, Լիլիթ Ամիրեան եւ Թալին Աբանեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Քնար Ռատիօ»ին: