Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Ազգային առաջնորդարանի յարկը ժամադրավայրը դարձաւ գեղեցիկ նախաձեռնութեան մը, որ աննախընթաց էր եւ օրինակելի։ Արդարեւ, Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ տեսչուհիին՝ Թալին Նագգաշեանի եւ ընկերակցութեամբ ծնողներու, Ազգային առաջնորդարան եկան եւ մթնոլորտը պայծառացուցին Ս. Ծննդեան շարականներով ու երգերով, տօնին աւետիսը բերելով թեմին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Աշակերտները առաջնորդուեցան առաջնորդ սրբազան հօր գրասենեակը, ուր կաղանդի ծառին շուրջ երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց տեսչուհին, ծնողներն ու աշակերտները՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան ու մատուցումին համար։ Ան շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ յուշանուէրներ յանձնեց աշակերտներուն։
Ազգային առաջնորդարանը աշակերտներուն այս նախաձեռնութեան առաջին կայանն էր։ Անոնք այնուհետեւ այցելեցին շրջանի հայկական բնակարաններ ու նմանօրինակ երգերով Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը աւետեցին բոլորին։
(Թղթակցութիւնը՝
Առաջնորդարանէն)