ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպած գարնանային դասախօսական շարքի ծիրին մէջ, Երեւանի Պետական համալսարանի Հայկական արուեստի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Լեւոն Չուքասզեան Ուրբաթ, 1 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:30ին պիտի բանախօսէ գերմանացիներու եւ հայերու միջեւ պատմական եւ արուեստի մարզին մէջ հաստատուած յարաբերութեանց մասին։
Ներկայացումը, որուն հովանաւորն է «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկութիւնը, տեղի պիտի ունենայ նոյն համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ:
Դոկտ. Լեւոն Չուքասզեան կը նկատուի հայկական արուեստի ամենահեղինակաւոր մասնագէտներէն մէկը։ Ան հեղինակն է երկու ուսումնասիրական հատորներու, որոնցմէ մէկը նուիրուած է 13րդ դարու մանրանկարիչ Գրիգոր Ծաղկողի (1986), իսկ երկրորդը՝ Անիի նուիրուած իր ստեղծագործութիւններով եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրօշմաթուղթերուն մէկ մասին իր նկարներով ծանօթ Արշակ Ֆեթվաճեանի (2011) արուեստին։
Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է անվճար շարել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ:
Համալսարանի հասցէն է՝ 550 East Shaw Ave., Fresno, CA 93710:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։