ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր գործողութիւններով կ՛ուզէ ցոյց տալ բոլորին, որ պիտի չհանդուրժէ որեւէ քննադատութիւն իր հասցէին, յայտարարած է Միջազգային Ներում (Amnesty International) իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Տանիէլ Պալսոն, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած քննարկման մը ընթացքին:
«Կասկած չկայ՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակը սարսափելի է. հիմնարար ազատութիւններն ու մարդկային իրաւունքները անընդհատ կը խախտուին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, ոչ միայն երկրին մէջ, այլ նոյնիսկ անոր սահմաններէն դուրս», նշած է ան:
Ուաշինկթընի ազգային մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցած քննարկումը նուիրուած էր Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած լրագրող Մեհման Հուսէյնովին, որ հացադուլ յայտարարած է: Հուսէյնովը ձերբակալած էին երկու տարի առաջ, Յունուար 2017ին, երբ երիտասարդ լրագրողը համացանցի վրայ տեղադրած էր Ատրպէյճանի շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու շքեղ տուներու լուսանկարներ: Լրագրողին եղբայրը՝ իրաւապաշտպան Էմին Հուսէյնով, ձեռնարկին ընթացքին կոչ ըրած է միջազգային կառոյցներուն՝ առաւել աշխոյժ կերպով աջակցելու Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Ըստ անոր՝ երկրի իշխանութիւնները չեն յարգեր ո՛չ միայն միջազգային, այլ նաեւ՝ սեփական օրէնքները եւ դատաիրաւական համակարգը կը ծառայեցնեն սեփական շահերուն. «Անոնք կ՛օգտագործեն այդ կառոյցը ո՛չ թէ արդարադատութիւն իրականացնելու, այլ՝ սեփական թշնամիները պատժելու նպատակով»:
«Ամերիկայի Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Տանիէլ Պալսոն խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին՝ ընդգծելով, որ երկրին մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք՝ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը տպաւորիչ էր:
«Մենք ասիկա կը նկատենք իբրեւ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան լուրջ յառաջխաղացք», նշած է Պալսոն: Ան նշած է, թէ կը մնան դեռ շարք մը հարցեր, որոնք կը մտահոգեն իրաւապաշտպանները: Անոնց շարքին են՝ քաղաքացիներու նկատմամբ նախաքննական ձերբակալութիւններու կիրառումը, եւ կասկածելիները ազատազրկելու աւանդոյթը, մինչ անոնց դատին կայացումը:
Այլ հարց մը, որ կը միաւորէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները՝ սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու անբաւարար ապահովումն է, ըսած է ան։