ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրած է Թուրքիոյ մէջ յայտնուած տնտեսական ճգնաժամին մասին: Փայլան կը նշէ, որ այդ վիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնական փոփոխութիւններու միջոցով:
«Տնտեսական ճգնաժամի մէջ ենք։ Անգործութեան մակարդակը հետզհետէ կ՛աճի, ներդրումներուն ծաւալը կը նուազի, իսկ արդիւնաբերութեան ծաւալը նուազած է 6.5 տոկոսով», գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը: