
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 2 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, «Չեւի Չէյս Քաունթի Քլապ» սրահին մէջ (3067 E. Chevy Chase Dr., Glendale, CA 91206) տեղի պիտի ունենայ միջդպրոցական տարեկան 3րդ ճարտասանական մրցումը։
Մրցումին պիտի մասնակցին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, Մեսրոպեան Ազգային, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանները:
Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկու աշակերտ պիտի մասնակցի մրցումին. անոնցմէ մէկը իր ճառը պիտի արտասանէ հայերէնով, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով:
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումի դատակազմին մաս պիտի կազմեն՝ դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան (Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս), դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի պատուոյ փրոֆեսէօր), դոկտ. Շուշան Կարապետեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Փօլ Գրիգորեան (Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ),
Սիլվիա Մինասեան (Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկի (AFFMA) հիմնադիր եւ Յարութ Սասունեան («Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ)։
Հայ կրթական հիմնարկութեան ճարտասանական մրցումի յանձնախումբին ատենապետը՝ Մելըտի Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ սոյն ձեռնարկին նպատակն է հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.aefweb.org կայքը: