ԵՐԵՒԱՆ.- Ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժներու ձեռքբերումը եւ կիրառումը խթանելու, կենսոլորտի աղտոտուածութեան նուազեցման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի կախեալութիւնը նուազեցնելու նպատակով, բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած է նախագիծ՝ մինչեւ Յունուար 2022 այդ ինքնաշարժները ազատել աւելացուած արժէքի հարկէն:
Բնապահպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Իրինա Ղափլանեան յայտնեց, որ 1 Հոկտեմբեր 2017ի դրութեամբ՝ Հայաստան ներածուած են 28 ելեկտրական ինքնաշարժներ, իսկ 2018ին՝ 33: