ԵՐԵՒԱՆ.- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան Հինգշաբթի, 24 Յունուարին հանդիպեցաւ չինացի ներդրողներու հետ, անոնց փոխանցելով նախարարութեան պատրաստակամութիւնը լիակատար աջակցութիւն ցոյց տալու իրենց նախաձեռնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ: «Xinjiang Zheng Yi Agriculture Science and Technology CO»ի խորհուրդի նախագահ Լի Սյէնմին նախարարին ներկայացուց Կոտայքի մարզին մէջ վերելակներու հաւաքման գործարան հիմնելու ներդրումային ծրագիրը, որ կը նախատեսէ տարեկան առաւել քան 2000 վերելակի արտադրութիւն՝ արտադրական գործընթացին մեծ մասը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու առաջադրանքով:
«Higer Bus Company Limited» ընկերութեան ԱՊՀ երկիրներու ուղղութեան տնօրէն Ճան Ցիֆան, իր հերթին ներկայացուց փոխադրամիջոցներու ցանցի բարելաւման եւ հանրակառքերու ներածման ծրագիրը: