Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն վերաբերող օրակարգային շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան եւ զանազան ուղղութիւններով միասնական ծրագիրներու:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները կարեւոր համարեցին առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու շարունակական աճը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձան նաեւ հայ-ռուսական գործակցութեան այլ կէտերու: