ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Յունուար 18-20ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Հայ քրիստոնեայ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO) տարեկան 70րդ ընդհանուր ժողովը։
Արեւմտեան թեմի տարբեր շրջաններէ ժամանած աւելի քան 80 պատուիրակները, գլխաւորութեամբ՝ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, քննարկեցին կազմակերպութեան նախորդ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ խորհրդակցեցան յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներուն շուրջ։
Ներկաները նաեւ հետեւեցան շարք մը դասախօսութեանց եւ մասնակցեցան հոգեւոր հարցերու նուիրուած քննարկումներու։
Աւարտին, ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2019-2020 տարեշրջանի կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Գայեանէ Բարսեղովա, Վիքթորիա Ամրան, Քեվըն Քեսթեքեան, Տէյվիտ Սաֆրազեան, Էլըն Ասիքեան, Նաթալին Ճինտոյեան եւ Սեւան Ճինտոյեան։
Նաեւ, որոշուեցաւ կազմակերպութեան տարեկան 71րդ ընդհանուր ժողովը կատարել Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Յունուար 17-19, 2020ին։