– 30 Մարտին, Թուրքիոյ մէջ կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, նախագահ Էրտողան ներկայացուց իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Քաճայլի նահանգի թեկնածուները։ Ելոյթին ընթացքին ան անսպասելի հարցում մը ուղղեց Պաշիսքելէի քաղաքապետի թեկնածուին՝ ըսելով. «Եասի՛ն, ինչո՞ւ պեխ չունիս», եւ իբրեւ պատասխան քաղաքապետի թեկնածուն ըսաւ. «Կը պահեմ, իմ պարո՛ն»…
– Իրենք զիրենք իբրեւ «նախկին կաթողիկէ» ներկայացնողներուն թիւը քառապատկուած է 1975էն ի վեր։