«Մելգոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի հաստատման հիսնամեակին առիթով, միօրեայ ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպել համալսարանի «Մելնից» եւ «Ռոյս» սրահներուն մէջ:
Յունուար 19, 2019 կ.ե., ժամը 3:30ին, «Մելնից» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ լեզուի արմատներուն, կապակցութեան, արդի վիճակին եւ ապագային մասին կարճ ուսումնասիրութիւններ, ներկայացուած մասնագէտներու կողմէ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինի վարիչ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը, որուն խօսքէն ետք սկսան քննարկումներու ներկայացումն ու հարց-պատասխանները:
Ասուլիսի նիւթերուն գլխաւոր ներկայացուցիչներ էին դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Անահիտ Պօղոսեան, Լիլիթ Ղազարեան եւ Վահէ Պէրպէրեան (տեսերիզով մասնակցութեամբ):
Լոս Անճելըսի հայկական («Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս», «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան», «Տեմիրճեան-Մանուկեան») եւ հանրային («Կլենտէյլ», «Հուվըր», «Քրեսենթա Վելի» եւ «Քլարք») վարժարաններէն շուրջ 400 հայ աշակերտներու եւ աւելի քան 250 հանդիսականներու ներկայութեան հրամցուած նիւթերը մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ: Ցաւալի պարագան այն էր, որ սրահի սահմանափակ աթոռներուն պատճառաւ, մօտ 300 անձեր չկրցան վայելել ասուլիսը: Այս «դուրս մնացած» անձերուն համար կարգադրուեցաւ, որ անոնք կարենան մասնակցիլ հարցազրոյցի երկրորդ մասին:
Երկրորդ ասուլիսին կը մասնակցէին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, «Նարեկացի» ամպիոնի դասախօսներէն փրոֆ. Փիթըր Քաուի, փրոֆեսէօրներ՝ Յակոբ Կիւլիւճեան, Անահիտ Քէշիշեան եւ Շուշան Կարապետեան, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութեան «Ռիչըրտ Յովհաննէսեան» ամպիոնէն փրոֆ. Սեպուհ Արսլանեան: Բեմին վրայ էին նաեւ Հայագիտական բաժինէն երկու երիտասարդ աշակերտներ: Ասուլիսի նիւթն էր «Հայկական Ինքնութիւն»ը:
Պէտք է ուրախութեամբ շեշտել, որ զոյգ ասուլիսներու պարագային ալ ներկայ հայ աշակերտութիւնը մեծ խանդավարութեամբ կը հետեւէր խօսողներուն: Նիւթը ոչ միայն արդիական էր եւ պատանիները հետաքրքրող, այլ ներկայացնողներն ալ գիտցան ճիշդ ձեւով հրամցնել նիւթը, մանաւանդ՝ նիւթը պատանիներուն համար դարձնելով հետաքրքրական:
Ասուլիսներէն ետք աշակերտութիւնն ու հանդիսականները ուղղուեցան «Ռոյս Հոլ»՝ ներկայ գտնուելու եւ վայելելու երաժշտական երեկոն:
Հազար երկու հարիւրէն աւելի հիւրեր աւելի քան երկու ժամ վայելեցին Կրեկ Հոշարեանի 40 հոգինոց Armenian Pops Orchestra-ին հրամցուցած 14 ազգային ժողովրդական երգ-երաժշտութիւնն ու երկու պարերը: Նուագախումբին մեներգիչներն էին՝ Ալին Արուստամեան, Այլին Արթին, Յովիկ Տէմիրճեան (յատկապէս Կիպրոսէն հրաւիրուած), Արմին, Թայնի Թի, նաեւ ներկայ էր հռչակաւոր թմբկահար Ճէյքըպ Արմէն: Մասնակից էին «Քարաւան Տէնս Սթիւտիօ»ի եւ Միհրան Կիրակոսեանի պարախումբերը:
Երաժշտական երեկոն իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Քալիֆորնիոյ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, էսէմպլիմէմպըր Ատրին Նազարեան եւ Լոս Անճելըսի քաղխորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան: Պետական երեք հիւրերն ալ գնահատագիրներով բարձրօրէն պատուեցին «Մելգոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութեան» կատարած աշխատանքը, մանաւանդ այս ձեռնարկին առիթով հարիւրաւոր հայ աշակերտները համախմբելով եւ այս մտաւորական, ազգային երաժշտական վայելքը անոնց հրամցնելով: Բարձրօրէն գնահատուեցաւ նաեւ «Մ. Հ. Նախաձեռնութեան» (MGO) տեսլականը եւ առաքելութիւնը, որն է «սերմանել հայ լեզուի եւ մշակոյթի սէրը երիտասարդութեան մէջ, զօրացնել Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան մէջ հայկական ոգին եւ ծառայել Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական հաստատութիւններուն»:
Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ Հոկտեմբեր 31, 2018 թուականին, 20,000 տոլար յատկացուած էր «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, 10,000 տոլար՝ Վենետիկի մէջ գտնուող «Պօ-Արաքս» մշակութային միութեան, որպէս կրթաթոշակ եւ ընթացիկ ծախսերու համար, 10,000 տոլար՝ «Զարմանազան» ճամբարին, արեւմտահայերէնի ամառնային բանակումին, ինչպէս նաեւ 3000 տոլար՝ Կիպրոսի «Ս. Աստուածածին» պատանեկան երգչախումբին, որոնց համերգը տեղի ունեցաւ «Մելգոնեան» կրթական հաստատութեան կալուածին վրայ:
«Մելգոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութեան» պատասխանատուները, մասնաւորաբար հիմնադիրներ տէր եւ տիկ. Պենօ եւ Արսինէ Շիրվանեանները, պատրաստ են իրենց հայակերտման այս աշխատանքները շարունակելու եւ ծառայելու, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան մէջ վառ պահելու հայ լեզուն եւ հայու ոգին: Այս նպատակով 25,000 տոլար պիտի նուիրուի 2019 թուականին:
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Melkonian Global Overture
Ջերմօրէ՛ն կը շնորհաւորենք «Մելգոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւնը» (Melkonian Global Overture) եւ ամբողջական յաջողութիւն կը մաղթենք անոր:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Լուսանկարները՝ ՆԱՆՈՐ ՑՆԾԱԼԵԱՆի