ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ Պոսլոյ մէջ զօրակցական հաւաք մը կազմակերպելու փորձը ձախողեցաւ 11 Փետրուարին, ոստիկանութեան միջամտութեան հետեւանքով։
Հաւաքը կազմակերպուած էր զօրակցութիւն յայտնելու համար արդէն 96 օրերէ ի վեր հացադուլի դիմած քրտական Ժողովրդավարական հասարակութեան համախմբում կազմակերպութեան համանախագահուհի Լէյլա Կիվուէնին։
Կիվուէն ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին պարտադրուող սահմանափակումները վերցնելու պահանջով հացադուլի սկսած էր բանտին մէջ: Դատարանը, անոր առողջական վիճակը նկատի առնելով, զայն ազատ արձակած էր, սակայն ան իր տան մէջ կը շարունակէ հացադուլը: