9 Փետրուարի երեկոյեան, Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արեւմուտքի, Հայաստանի եւ Վենետիկի ներդաշնակութեան ուղիներով» խորագիրով համերգ՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին:
Ողջոյնի խօսքով ձեռնարկը բացաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան: Վերջինս գոհունակութեան խօսքեր յայտնած է Վենետիկի պատրիարքին, որ ներկայ էր ձեռնարկին, ապա քանի մը բառով ներկայացուց համերգային ծրագիրը:
Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի փոխտնօրէն Գէորգ վրդ. Սարգսեան յայտնեց, թէ երգացանկը կատարուեցաւ Վարեզի սենեկային երգչախումբին կողմէ, ղեկավարաւթեամբ՝ Գաբրիէլ Կոնտի մասնակցեցան նաեւ դուդուկահար Արամ Իփեքճեան եւ երգեհոնահար Ջովաննի Մազզա:
Համերգը բաղկացած էր 15 կտորներէ՝ երգչախմբային եւ երաժշտական:
Ձեռնարկին աւարտին Վենետիկի պատրիարքը երախտագիտութեան եւ ողջոյնի խօսքեր ըսաւ՝ երաժշտական իրադարձութիւնը կոչելով ո՛չ թէ պարզապէս համերգ, այլ հոգեւոր բարձրութեան եւ վերափոխման պահ:
Համերգին ներկայ էին՝ շուրջ 300 անձեր, որոնք համերգէն ետք յուզական զգացումներով հեռացան Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարէն: