1915ի (կամ 1895ի) վերապրողներու կողմէ շարադրուած գրաւոր վկայութիւններ հաւաքելու նպատակով:
ԱՐԱՄ միութիւնը ֆրանսահայ ոչ-շահութաբեր միութիւն մըն է, որուն նպատակը պահպանելն է սփիւռքահայերու ապրած կեանքին յիշողութիւնը (տես՝ https://webaram.com/hy/):
ԱՐԱՄ միութիւնը կը փափաքի վկայութիւններ քաղել 1915ի (կամ 1895ի) պատահարներուն եւ հայ վերապրողներու գաղթին մասին դէպի Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ:
Կոչ կ՛ուղղենք ընտանիքներուն, որպէսզի 1915ի (կամ 1895ի) վերապրողներու կողմէ գրուած հին վկայութիւնները տրամադրելի դարձնեն ԱՐԱՄ միութեան գործակիցներուն:
Այս վկայութիւնները կարեւոր են Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պահպանելու համար եւ մաս կը կազմեն սփիւռքահայերու մշակութային ժառանգութեան:
ԱՐԱՄ միութիւնը գիտակից է, որ այս վկայութիւնները արժէքաւոր են ընտանիքներուն համար: Ուստի, կ՛առաջարկենք պարզապէս թուային պատճէն մը կատարել միութեան արխիւներուն համար:
ԱՐԱՄ միութեան նպատակը այս վկայութիւններուն տարածումը եւ գիտութիւնը ապահովելն է, թուայնացումի միջոցաւ թարգմանութիւններ եւ հրատարակութիւններ պատրաստելով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար մեզի հետ կապ պահեցէք՝