ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային ներուժի եւ դիւանագիտական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Քերըլ Փերեզ կը տեղեկացնէ, թէ Լին Թրէյսի երդում տուաւ՝ ստանձնելու Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը։
«Լին երկար եւ յաջող դիւանագիտական ծառայութիւն անցած է եւ Փեշաուարի մէջ ծառութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարին կողմէ պարգեւատրուած է իր հերոսութեան համար», կը գրէ ան:
Լին Թրէյսի Ռուսիոյ եւ նախկին խորհրդային երկիրներու հարցերու փորձագէտ է: Յունուար 2019էն սկսեալ ան Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ: Սեպտեմբեր 2006էն մինչեւ Օգոստոս 2009, Լին Թրէյսի աշխատած է Փաքիստանի Փեշաուար քաղաքի ամերիկեան հիւպատոսարանին: 28 Օգոստոս 2008ին անոր ինքնաշարժին վրայ յարձակած էր զինուած խումբ մը: Թրէյսի իր թիկնապահին եւ վարորդին օգնութեամբ կրցած էր փախուստ տալ եւ վերադառնալ իր աշխատանքին, առ այդ, 2009ին ան արժանացաւ «Հերոսութեան մրցանակ»ին, արտաքին գործոց նախարարին կողմէ։
Ան 2011-2012ին աշխատած է իբրեւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն: 2012-2014ին, ան արտաքին գործոց նախարարի Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու տեղակալի առաջին օգնականը եղած է, իսկ 2014-2017ին աշխատած է իբրեւ փոխդեսպան՝ Մոսկուայի, Աշքապատի եւ Ասթանայի մէջ:
Մինչեւ 2018ի աւարտը, ան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ եղած է Ռուսիոյ հարցերու աւագ խորհրդական: 2017ին ստացած է «Պատուոյ մրցանակ» Ռուսիոյ մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքին համար: