ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, 23 Փետրուարի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը: ՀՅԴ պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեան եւ Կիրօ Մանոյեան:
Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող հարցեր: ՀՅԴի ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին կուսակցութեան տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները: