«Բիզնես Արմէնիա»ի աջակցութեամբ՝ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի 14 արտադրողներ, 25-28 Փետրուար, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին «CPM–Collection Premiere Moscow 2019» նորաձեւութեան եւ կերպասեղէնի արտադրանքի միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, յայտնած են «Բիզնես Արմէնիա»ի հանրային կապերէն:
«Անցեալ տարի մասնակցող 5 ընկերութիւններ կնքած էին շուրջ 230 միլիոն դրամի պայմանագիր մը: Այս տարի, դարձեալ կը մասնակցին արտածման մեծ ներուժ ունեցող ընկերութիւններ, որոնց շարքին առաջին անգամն ըլլալով ներկայացուած են նոր ապրանքանիշներ», կը յայտնէ «Բիզնես Արմէնիա» հիմնադրամի ձեռնարկներու կազմակերպիչ Լուսինէ Յովհաննիսեան:
«CPM 2019»ին հայաստանեան նորաձեւութեան ու կերպասեղէնի արտադրանքը ներկայացուած է ազգային 2 տաղաւարներու մէջ: Անոնցմէ մէկուն մէջ կը ցուցադրուի ներքնազգեստներ, տնային եւ մարզական հագուստներ՝ «Alex», «Melante», «Araqsa» եւ «Viva» ապրանքանիշներէն (https://goo.gl/axCJMs), իսկ միւսին՝ նորաձեւութեան կերպարներ «Z.G.Eest», «Kivera», «Zakaryan», «Ruzane», «Shabeeg», «Margonie», «Petoor», «Artuyt» ապրանքանիշներէն (https://goo.gl/dJy4XD):
«CPM»ը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նորաձեւութեան արդիւնաբերութեան մեծագոյն ցուցահանդէսն է: Անիկա կ՛ընդգրկէ թեթեւ արդիւնաբերութեան բոլոր հատուածները: 15 սրահներու մէջ կը ցուցադրուին 50 խումբ ապրանքներ: Ցուցահանդէսը կ՛ունենայ աւելի քան 20,000 այցելուներ մեծածախս գնորդներ, ոլորտի մասնագէտներ, բաշխողներ, առեւտրական ցանցեր եւ ներածողներ: