ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 28 Փետրուարին, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելեցին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պետական այրեր, տարբեր նախարարութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Սումգայիթի զոհերու յիշատակին:
Ըստ «Արցախփրէս»ի թղթակիցին՝ այցելողները ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղեցին սումգայիթեան ջարդերու անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ: