ԷՆՍԻՆՕ.- Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 28 Փետրուարի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։
Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան։
Քարոզէն առաջ երգուեցաւ տօնին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, որուն հետեւեցաւ «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքը։
Պատարագիչ քահանան իր քարոզին մէջ նշեց, որ ամէն տարի կը հաւաքուինք միասնաբար պանծացնելու յիշատակը Ս. Վարդանանց 1036 նահատակներուն եւ թարմացնելու մեր միտքերն ու հոգիները, որպէսզի գօտեպնդուինք պատգամովը անոնց, որոնք գիտակից մահով իրենց կեանքը զոհեցին «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»։ Պատմութեան անդրադառնալով՝ ան յիշեց, որ թէեւ Աւարայրի դաշտին վրայ հայկական բանակը պարտութիւն կրեց, սակայն մենք յաղթական կը համարուինք 484ին կնքուած Նուարսակի դաշնագիրով, եւ Աւարայրէն ետք, 1568 տարիէ ի վեր կը գոյատեւենք, մեր քրիստոնէական հաւատքով, հայոց լեզուով եւ մշակոյթով, շնորհիւ Ս. Վարդանանց հաւատքին ու զոհաբերութեան։
Տէր Արսէնը նշեց, որ այսօր ալ աւելի քան երբեք, մենք պէտք ունինք Վարդան զօրավարի եւ Ղեւոնդ Երէցի նման հերոսներու, որպէսզի մեզ առաջնորդեն։
Եզրափակելով՝ ան շեշտեց ազգային ոգիի եւ ինքնութեան գիտակցութեան ամրապնդման եւ զանոնք նորահաս սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնառու ըլլալու մեր նախնիներու նման պահելու մեր կրօնքն ու աւանդութիւնները։
Պատարագի աւարտին, Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած հայրենասիրական երգեր հնչեցին, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալներուն։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ։