ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, 1 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի օրուան տարեկան 49րդ հաւաքը, մասնակցութեամբ՝ Հայ առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրութեան եկեղեցիները ներկայացնող տիկիններու։
Այս տարուան խորհրդածութեան թեման էր «Եկէ՛ք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն» պատգամը, քաղուած Յիսուսի մեծ խնճոյքին առակէն (Ղուկաս 14:15-24)։
Յայտագիրը կազմուած էր աղօթքներով, սաղմոսներու եւ Աւետարանէն հատուածներու ընթերցումներով, հոգեւոր երգերով ու շարականներով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ պատգամներով։
Հաւաքին ներկայ եղան եւ իրենց օրհնութեան խօսքը ուղղեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան։
Իր խօսքին ընդմէջէն, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ մեզ բոլորս առաջնորդէ Իր կամքով եւ իւրաքանչիւրս վերածէ այն անօթին ու այն գործիքին, որ մեծ խնճոյքին հրաւիրելու գործակիցները եւ անոր մասնակիցները դարձնէ մեզ։ Մէջբերելով Ս. պատարագի «Գոհանամք զգէն» հոգեւոր երգէն, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ մեզ կերակրեց Իր անմահական սեղանէն եւ մարմինն ու արիւնը բաշխեց աշխարհի փրկութեան եւ մեր հոգիներու կենդանութեան համար։