ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի համաժողովներու գլխաւոր սրահին մէջ, Երկուշաբթի, 5 Մարտին տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ հովանաւորուած եւ Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ իրականացուող «Աջակցութիւն դատական բարեփոխումներու իրականացման՝ Հայաստանի դատական իշխանութեան անկախութեան եւ արհեստավարժութեան ամրապնդումը» ծրագիրի մեկնարկի արարողութիւնը:
Ծրագիրի հիմնական նպատակն է՝ աջակցիլ Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու համալիր իրականացման: