Արցախ նպատակ ունի 2019ին, զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ 20-25 տոկոսի աճ ապահովելու:
«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ծրագիրներու եւ վերահսկողութեան բաժինի պետ Սերգէյ Սարգսեան նշեց, որ 2018ին Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը եղած է 28 հազար 588, որ 23 տոկոսով աւելի է 2017ի հետ համեմատած:
«Այժմ, 2019ին կը նախատեսենք 2018ի հետ համեմատած՝ ապահովել 20-25 տոկոսի աճ: Տարուէ տարի Արցախի նկատմամբ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը կ՛աւելնայ: Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այցելութիւնները աշխուժացած են ոչ միայն զբօսաշրջութեան աւանդական շուկայ համարուող երկիրներէն, այլ նաեւ այն պետութիւններէն, ուրկէ նախապէս շատ քիչ զբօսաշրջիկներ կու գային», ըսաւ Սարգսեան:
2018ին Արցախ այցելած են 87 երկիրներէ՝ հիմնականօրէն Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն եւ Չինաստանէն: Աննախադէպ այցելութիւն եղած է Իսրայէլէն: Եթէ նախապէս Իսրայէլէն Արցախ մինչեւ 10 հոգի կու գար, 2018ին այդ այցելութիւններու թիւը 112 էր:
Արցախ եկած զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնները շատ տարբեր են: Ոմանք կը նախընտրեն վայելել բնութիւնը, գիւղական զբօսաշրջութիւնը, մէկ մասը պատմամշակութային վայրերը, ուրիշներ կու գան ձեռնարկներու զբօսաշրջութեան հետքերով կամ կը նախընտրեն հանգստանալ: Ընդհանուր առմամբ, ամենաշատ կ՛այցելեն Ստեփանակերտ, Շուշի, Գանձասար, Դադիվանք եւ Ամարաս:
«Ոչ պակաս զբօսաշրջութեան արդիւնք է խոհանոցը: Զբօսաշրջիկները հիացած են արցախեան խոհանոցով: Արդէն գիտէք, որ յայտնի դարձած է ժենգեալով հացը, որ Արցախ այցելած իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ պարտադիր կը համտեսէ: Ատկէ բացի, հետաքրքրութիւն կը նկատուի գիւղական զբօսաշրջութեան նկատմամբ, երբ զբօսաշրջիկները գիւղական վայրերու մէջ քանի մը օր կանգ կ՛առնեն զբօսաշրջութեան տուները՝ ճաշակելու համար տեղւոյն վրայ պատրաստուած ուտելիքները, զգալու միջավայրը եւ տեսնելու այդ գոյները, անոնք նոյնիսկ պատուերներ կու տան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ վերջին շրջանին հետաքրքրութիւն կը նկատուի Արցախի քոնեաքի եւ գինիի նկատմամբ: Զբօսաշրջիկները շատ կը հաւնին արցախեան բերք ու բարիքով պատրաստուած ոգելից խմիչքները:
Ոլորտի պատասխանուտները կը նշեն, որ ընթացիկ տարուան երկու ամիսները նոյնպէս աշխոյժ եղած են. նոյնը կ՛ակնկալուի նաեւ յառաջիկային, մանաւանդ, որ այս տարի Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի Եւրոպայի ա-խոյեանութիւնը: Ատիկա կ՛ենթադրէ հիւրերու մեծ հոսք, որ կը նպաստէ ենթակառուցուածքներու զարգացման, հիւրանոցներու, հիւրատուներու աւելնալուն, Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացման:
«Ֆութպոլի դաշտերը կը վերակառուցուին, հիւրանոցները կ՛աւելնան, ծառայութիւններու որակը կը բարձրացնեն, ճանապարհները կը վերանորոգուին: Կ՛ակնկալենք, որ այդ օրերուն մեր հիւրանոցները ամբողջութեամբ լեցուն պիտի ըլլան», ըսաւ ան:
Այս տարի Արցախի մէջ նախատեսուած են շարք մը այլ ձեռնարկներ, որոնց ծիրին մէջ նոյնպէս կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու հոսք: Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ ամէնամեայ ժենգեալով հացի փառատօնը, որուն նպատակն է ներկայացնել խոհանոցի իւրայատկութիւնները, նպաստել համայնքային կեանքի աշխուժացման, համայնքներու զարգացման եւ ապահովել զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք դէպի Արցախ: Հանրութեան ներկայացնել ոչ միայն խոհանոցը, այլ նաեւ Արցախի ազգային երգը, պարն ու արուեստը:
Սեպտեմբերին Արցախի մէջ պիտի իրականացուի «Արցախեան գինի փառատօն»ը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Արցախեան գինեգործներու արտադրանքը: Փառատօնին բաղադրիչ մաս կազմող մշակութային ծրագիրը պիտի ներառէ երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքային աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, վիճակահանութիւն եւ աճուրդ:
Անկախութեան օրը (2 Սեպտեմբեր) կը համարուի հանդիսաւոր տօներէն մէկը: Տօնական ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ամէն տարի, 2 Սեպտեմբերին, Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ մեծ համերգ մը, որուն պիտի մասնակցին արցախցի երգիչներ եւ Հայաստանէն ու արտերկրէն հիւրեր: Տօնը պիտի աւարտի հրավառութեամբ:
Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը պիտի նշուի՝ իբրեւ Գիւղատնտեսութեան օր: Ամէն տարի բերքի փառատօն պիտի կազմակերպուի նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Աւելի քան 200 վաճառողներ, Արցախի բոլոր շրջաններէն, պիտի ներկայացնեն իրենց արտադրանքը տօնավաճառ այցելող հազարաւոր յաճախորդներու:
Փառատօներու եւ նման այլ ձեռնարկներու մասին ծանուցելու համար աշխատանք կը տարուի թէ՛ լրատուական դաշտին եւ թէ զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու հետ: Հիմնականօրէն զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները տարուան սկիզբը արդէն տեղեակ կ՛ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող մեծ ձեռնարկներուն մասին: