ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ նախարար Սերկէյ Լաւրովի Թուրքիա այցելութիւնը, որ 12 Մարտին տեղի պիտի ունենար, յետաձգուած է 18 Մարտին:
Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ այցելութեան յետաձգումը պայմանաւորուած է նախարարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ կատարուած փոփոխութիւններով:
Յայտնի է, որ Լաւրով Անթալիոյ մէջ պիտի հանդիպէր իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ, որմէ ետք երկու նախարարները պիտի նախագահէին Ռուսիա-Թուրքիա ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի համատեղ նիստը:
Թուրքիա որեւէ յայտարարութիւն չկատարեց նիստին յետաձգման վերաբերեալ: