ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 28 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ուեննայ «Կանայք Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ եւ ներկայում» նիւթով քննարկում մը։
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ Գոհար Շահնազարեան (Երեւանի պետական համալսարանի հետազօտութիւնների եւ առաջնորդութեան կեդրոնի տնօրէն եւ Կանանց կենտրոնի համահիմնադիր), իսկ զայն պիտի ներկայացնէ եւ քննարկումը պիտի վարէ՝ Մոնիք Սվազլեան (Կանանց ղեկավարման հարցերու մասնագէտ եւ հեղինակ)։
Գոհար Շահնազարեան նաեւ Հայաստանի Կանանց հիմնադրամի գործադիր տնօրէնն է եւ վերջին տասնամեակին համակարգած եւ իրականացուցած է բազմազան ծրագիրներ՝ կանանց եւ սեռային հաւասարութեան հիմնախնդիրներու վերաբերեալ՝ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ, պայքարելով կանանց դէմ բռնութեանց վերացման համար։ Ան հեղինակն է կանանց հիմնախնդիրներու վերաբերեալ առաւել քան քսան յօդուածներու եւ գիրքերու հեղինակ ու համահեղինակ:
Հայաստանի մէջ կանանց հիմնադրամը հիմնուած է 2018ին, երկար նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք: Հիմնադրամին նպատակն է՝ աջակցիլ Հայաստանի մէջ կանանց եւ աղջիկներու կողմէ իրականացուող տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու:
Քննարկումը կազմակերպուած է Հայ կանանց ցանցին կողմէ։ Անոր մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ հեռաձայնել (818) 645-5571 թիւին։