ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, 13 Մարտին, Կլենտէյլի «Լեկըսի» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։ «Մեծ պահքը առիթ է, որ բոլորս ալ քննութենէ անցընենք մեր կեանքը, տեսնելու համար, թէ արդեօք որպէս քրիստոնեայ ճիշդ ճամբուն վրայ կը գտնուի՞նք, մեր առօրեային մէջ տեղ տուա՞ծ ենք աղօթքին, որ Արարիչին հետ հաղորդակցելու եզակի առիթ է, կամ՝ բարեգործութեան, որ աղօթքին գործնականացումն է ու թարգմանութիւնը հաւատքին։ Մեծ Պահքը լաւ առիթ է ինքնաքննութենէ անցընելու անձդ, եւ առաւել որակաւորելու հոգիդ՝ աղօթքով առ Աստուած ու ողորմածութեամբ մեզի նմաններուն նկատմամբ», ըսաւ ան։
Ճաշկերոյթին, առաջնորդին կողքին էին առաջնորդական փոխանորդը եւ քահանայ հայրեր։ Ներկայ էին թեմի եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց անդամներ, Համազգայինի եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեանց եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Ազգային առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ աշակերտներ։
Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Վարդուկ Աւետիքեան, որ դիպուկ օրինակներով յիշեցուց պահեցողութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ պահեցողութեան ընթացքին, քրիստոնեան կը փորձէ իր հոգին ու հաւատքը զօրացնել եւ ամրացնել։
Տեղի ունեցաւ Արեւագալի կարճ արարողութիւն մը, ապա առաջնորդ սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Օրուան դասախօսն էր Մեսրոպեան վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիներէն Արփի Ճիէրեան։ Ան հաղորդական ոճով փոխանցեց իր խօսքը, ներկաները հրաւիրելով Մեծ Պահոց շրջանին իրենց հոգեւոր կեանքը նորոգելու պահեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարեգործութեամբ՝ ըսելով. «Աստուծոյ կերպարանքով ստեղծուած մարդու հոգին իբրեւ գոյ իտէալ է, եւ այսօր կարիքը ունի սանդխամատ առ սանդխամատ դարձեալ բարձրանալու եւ իր աստուածամերձ դիրքը վերստանալու փորձ կատարելու»։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Րաֆֆի Քէրպապեանի, որ իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց փունջ մը երգեր։ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգով, պարով ու արտասանութեամբ կազմուած յայտագիր մը։ Վարժարանին երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք չենք վախի» երգով, մենակատարութեամբ Սամուէլ Գասպարեանի։ Ալիք Արթինեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, երկու աշակերտուհիներ՝ Էվիքա Մելքոնեան եւ Թալիա Աւետիսեան զուգերգով կատարեցին «Եարը մարդու եարա կու տայ» երգը, մենապարի ընկերակցութեամբ Անի Թումասեանի։
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը շնորհակալական եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց յայտագիրին մասնակցողներուն, յատկապէս Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն, իրենց երգի ուսուցչուհիին եւ տնօրէնին, ապա յատուկ կերպով գնահատեց օրուան դասախօսուհին, իր համապարփակ եւ ուսումնասիրուած ներկայացման համար։ Ան դիպուկ նկատեց բանախօսին այն խօսքը, թէ «Մեծ Պահքը առիթ է մարդուն, որ իր աստուածամերձ դիրքը վերանորոգէ» եւ աւելցուց. «Անհրաժեշտ է, որ բոլորս վերանորոգուինք»։ Ան յիշեցուց, որ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը արթնութեան հրաւէր է մեր աստուածամերձ դիրքը վերականգնելու եւ մեր ներաշխարհը վերակազմակերպելու։ Ան յորդորեց հաւատացեալները, որ մեր գործերուն եւ ծառայութեան մէջ ըլլան արդար, բարի, մաքուր։ «Մեր հայրապետներու իմաստուն կարգադրութեամբ, Մեծ Պահքի Կիրակիները կոչուած են իւրայատուկ անուններով, որոնք յստակ պատգամներ կու տան մեզի», ըսաւ ան։
Վերջապէս, ան շեշտը դրաւ առանց ձանձրանալու աղօթելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ աղօթքը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը դնէ մեզ, այսինքն, մեր սիրտերը Աստուծոյ դիմաց բանալով անոր կարեկցութիւնն ու քաջալերանքը կը զգանք մեր տխրութեան թէ ուրախութեան օրերուն։
Առաջնորդը իր պատգամը եզրափակեց՝ մաղթելով, որ մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ, Մեծ Պահոց օրերուն աւելի մօտենանք Աստուծոյ, որ արժանի ըլլանք Տիրոջ գալուստը եւ յաղթական Յարութիւնը դիմաւորելու։
Ստեղծուած մթնոլորտէն խանդավառուած, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։