ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ նախագահ Էրտողան դարձեալ անդրադարձած է ներկայիս թանգարանի վերածուած Այա Սոֆիա տաճարի կարգավիճակին՝ նշելով, որ 31 Մարտի քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք օրակարգի պիտի բերուի այս տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու հարցը։
Արդարեւ, պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Այա Սոֆիայի մուտքը կրնայ անվճար դառնալ Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար՝ Էրտողան ըսած է. «Հաւանական է։ Անկարելի ոչի՛նչ կայ։ Աւելի՛ն, մենք այս հարցով կրնանք այնպէս զբաղիլ, որ այդ տաճարին անունը ո՛չ թէ թանգարան ըլլայ, այլ մզկիթ։ Թանգարանին մասին որոշումը տրուած էր 1935ին։ Մինչ այդ կառոյցը մզկիթի կարգավիճակ ունէր»։