«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ասպարէզ»ի ընտանիքը որոշեց այս տարի խմբագրատան մէջ պաշտօնապէս նշել Միջինքը: Գործերը բաժնուեցանք, իւրաքանչիւրս մեծ պահքի ճաշատեսակ մը պատրաստելու յանձնառութիւն վերցուց եւ միասին նստանք սեղան:
Խմբագրութեան անձնակազմին մէկ մասը հաւատարմօրէն կը պահէ պահքը, իսկ մի քանին՝ շաբթուան երկու օրերուն կը հետեւին կանոններուն:
Մեզ այս կարգադրութիւններուն մղեց տիկին Մանուշակ Ժամագործեանի քաղցր յիշատակը: Տիկին Մանուշակը տարուան ընթացքին քանի մը անգամ, բայց նաեւ միշտ Միջինքին, «Ասպարէզ»ի ամբողջ անձնակազմին համար պահքի ճաշեր կը բերէր խմբագրատուն: Գիտենք նաեւ, որ ան նոյն ճաշերէն բաժին կը հանէր ազգային այլ հաստատութիւններու աշխատողներու:
Տիկին Մանուշակը անցեալ տարի, 11 Մարտին մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ: Միջինքին առթիւ մենք ուզեցինք իր յիշատակը իւրովի յարգել: Մեզի համար տիկին Մանուշակը ոչ միայն մեր ազգային աւանդներուն, հաւատքին հաւատարիմ հայուհիի հրաշալի կերպար էր, այլ ազգին ծառայելու գործը գնահատող, յարգող համեստ կին մըն էր ան: Իր նմաններն են, որոնք կ՛ոգեւորեն ազգային կառոյցներու աշխատողները, գնահատուած ըլլալու տաքուկ զգացում կը փոխանցեն անոնց, եւ, անշուշտ, կը պարտաւորեցնեն աւելի բծախնդրօրէն կատարելու իրենց ստանձնած գործն ու պատասխանատուութիւնը:
Տիկին Մանուշակի յիշատակին ընդմէջէն կ՛ուզենք մեր յարգանքն ու գնահատանքը փոխանցել ազգային բոլոր մշակներուն, ազգային կառոյցներու բոլոր աշխատողներուն, որոնք իրենց գործին մէջ անպայմանօրէն նուիրում ու զոհաբերութիւն կը ներդնեն: Նաեւ՝ ազգային գործը գնահատող, յարգող բազմաթիւ հայորդիներուն:
our dear ungerouhi Manoushag was kindest, giving, honest, respectful, and most of all nonjudgmental. Manoushag is worthy of all accolade,
Thank you Asbarez for respecting our dear ungerouhi Manoushag hopefully more organization will lead your example.
May God rest your tired soul.