ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 24 Մարտին, Մեծ Պահոց չորրորդ՝ Տնտեսի Կիրակիի օրը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։
Պատարագին ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը «Ս. Վարդան» եւ «Գայլ Վահան» սկաուտական շքանշաններ շնորհեց ՀՄԸՄի գայլիկներու եւ արծուիկներու, որոնք հետեւած էին այս շքանշանին յատուկ կրօնական-դաստիարակչական դասընթացքին։
Պատարագիչն էր Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իսկ շքանշանի տուչութեան մասնակցեցան Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ ծնողներ։
Իր պատգամէն առաջ, սրբազանը օրհնեց շքանշանները եւ հոգեւոր հայրերուն հետ կատարեց յանձնումը, ապա ուղղեց իր պատգամը։ Ան գնահատեց ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները, որոնք առաջնորդարանին գործակցութեամբ կրօնական դասընթացքներ կը կազմակերպեն յօգուտ սկաուտներու եւ երիտասարդներու, եւ յատկապէս օրհնեց ու գնահատեց սկաուտները որոնք կ՛արժանանան մեր ազգային հերոսներուն անունը կրող շքանշաններուն՝ մաղթելով, որ մեր հերոսներուն «հաւատքը, քաջութիւնն ու նուիրումը ներշնչման օրինակ ծառայեն ձեզի, որպէսզի առաջնորդուիք եւ հասակ առնէք իբր օրինակելի քրիստոնեաներ եւ հայորդիներ»։
Անիրաւ տնտեսին առակը պատմելով՝ առաջնորդը նշեց, որ բոլոր մեր ունեցածները երկնաւոր պարգեւներ են եւ կը պատկանին Աստուծոյ։ «Մենք պէտք է ըլլանք հաւատարիմ եւ պարկեշտ տնտեսներ եւ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներն ու շնորհքները ծառայեցնենք Աստուծոյ նպատակներու իրագործման, ի փառս Աստուծոյ եւ յօգուտ մեր նմանին։ Պէտք չէ ըլլանք «աշխարհի զաւակներ»ուն նման՝ անհաւատներ, որոնք կը բաւականանան ֆիզիքական երկրաւոր աշխարհով, այլ ըլլանք «լոյսի որդիներ», հաւատացեալներ՝ որոնք կը պատրաստուին յաւիտենական կեանքը ժառանգելու։ Աւելի՛ն, պէտք է հաւատարիմ գտնուինք աշխարհի վրայ մեզի վստահուած ունեցուածքին, որպէսզի Աստուած կարենայ վստահիլ մեզի եւ երկնքի արքայութեան մէջ մեզի տայ «ճշմարիտ հարստութիւնը»», ըսաւ առաջնորդը։
«Այսօր լաւագոյն առիթն է մեր ներաշխարհը քննելու եւ հարց տալու, թէ հաւատարիմ ու պարկեշտ տնտեսնե՞ր ենք։ Մեծ Պահքը կը թելադրէ ինքնաքննութեան իբրեւ արդիւնք հոգեպէս վերակազմակերպուիլ։ Մեր օրերը կը թաւալին եւ որեւէ ժամանակ կրնանք դէմ յանդիման գտնուիլ Աստուծոյ դատաստանին։ Ուրեմն, ըլլանք շնորհակալ եւ երախտապարտ մեր վայելած բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար, եւ զանոնք ի սպաս դնենք Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին բարօրութեան համար, ձգտելով միայն երկնային յաւերժական գանձերուն», եզրափակեց սրբազանը։