«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն ետք հրապարակուած զեկոյցներուն եւ նոյն հանդիպման վերաբերեալ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միացեալ յայտարարութեան հիման վրայ կարելի է քանի մը եզրակացութիւններու յանգիլ:
Առաջին հերթին կարելի է ըսել, որ բանակցութիւնները փակուղիի առջեւ են այնքան, որքան առաջ էին: Արցախը բանակցային կողմ դարձնելու հայկական կողմին շեշտադրումը, որ որոշ շրջանակներու կողմէ կը նկատուէր բանակցութիւնները փակուղիի տանող պայման, երկխօսութիւնը շարունակելու եւ խաղաղ կարգաւորման ճանապարհներ փնտռելու մինսկեան ճիգերուն արգելք չէ հանդիսացած: Նշանակալի է, որ այդ նախապայմանէն հրաժարելու ոչ մէկ տրամադրութիւն յայտնի դարձած է հրապարակուած զեկոյցներուն մէջ:
Երկրորդ, յատկանշական է Ալիեւի խուսափողական պատասխանը՝ լրագրողներուն հարցումներուն: «Համանախագահները կը պատմեն ամէն ինչ» ըսելով՝ բաւարարուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահը: Միւս կողմէ, Փաշինեան բաւական ընդարձակօրէն եւ հրապարակային կերպով զեկուցեց հանդիպման մասին՝ յոյս յայտնելով նոյնիսկ, որ Ալիեւի կողմէ շօշափելիօրէն տարբեր տրամադրութիւններ չեն հնչեր: Այս «յոյս» բառին օգտագործումը կարելի է մեկնաբանել՝ իբրեւ Փաշինեանի կողմէ Ալիեւի բանակցային արտայայտութիւնները ճիշդ ըմբռնելու վստահութեան պակաս, որ բնական է՝ երկկողմ շփումներու ոչ այնքան հարուստ փորձառութեանց լոյսին տակ:
Մարդասիրական ոլորտին մէջ միջոցներ ծրագրելու պատրաստակամութիւնը թշնամական յարաբերութիւններու մէջ ճեղք յառաջացնելու նախաքայլ կրնայ ըլլալ: Հայկական կողմէն, այսպիսի զարգացումներ, մանաւանդ մեր տեսանկիւնէն, մտահոգութեան տեղի կու տայ, պարզ այն պատճառով, որ մեր մօտ կ՛արթնցնէ մեր ժողովուրդին մէջ հողային զիջումներու նախապատրաստման դաւադիր մօտեցման վախեր: Յամենայնդէպս, եթէ այս բանակցութիւններուն հիմնական արդիւնքը պիտի ըլլայ պատերազմի անմիջական վտանգի նուազումը, ապա, այնքան ատեն որ Հայաստանի մէջ կը շարունակուին ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու աշխատանքները, կարելի է դրական գնահատել այս հանդիպումը, որովհետեւ մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը երբեք թոյլ պիտի չտայ պարտուողական որոշումներու գործադրութեան, պիտի չիյնայ զիջումներու հանդէպ հասկացողութիւն ցոյց տալու ծուղակին մէջ եւ որ պատերազմը կանխելով՝ Հայաստանի տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն ուժեղացման կարելիութիւններն են որ պիտի աւելնան: