Ժ. Չ.
Հայկական քաղաքական օրակարգը շատ ճոխ է ներկայիս: Ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ, ըլլա՛յ Հայաստանի՝ Արամ Ա. վեհափառի կողմէ Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը, Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը Վիեննայի մէջ, Դաւիթ Տօնոյեանի Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւնը՝ «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ», որ նոր սահմանում տուաւ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի ռազմական եղանակով Արցախի խնդիրը լուծելու կոչերուն, Վահան Շիրխանեանի ցնցիչ բաց նամակը՝ յղուած Քոչարեանին Հոկտեմբեր 27ի սպանութիւններուն վերաբերեալ, Մեղ-րիի զօրակայանին մէջ զինակոչիկներու ըմբոստութիւնը՝ ընդդէմ հրամանատարութեան, մշակոյթի նախարարի յանձնակատարին՝ Օփերայի տնօրէն, գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Կոնստանտին Օրբելեանը իր պաշտօնէն յետս կոչելու որոշումը, եւ վերջապէս 2016ի Ապրիլեան պատերազմի երրորդ տարելիցին առթիւ, նոր Հայաստանի իշխանութեան վերագնահատումը՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին լոյսին տակ:
Հալէպի մէջ Արամ Ա. վեհափառը Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ տաճարը վերօծելով՝ փաստեց, որ Սփիւռքը Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին պատմական դերակատար է, հայ-արաբական յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ ազդեցիկ լծակ:
Աւելին՝ բոլոր անոնք, որոնք անյոյս էին Հալէպի հայութեան ինքնակազմակերպումը տեսնելու, այսօր ծայրայեղականներու պայթումով քանդուած եկեղեցւոյ՝ իր փլատակներէն փիւնիկի վերյառնումին ականատեսն են: Հալէպը, յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք, իր հարիւրամեայ անցքերով հայացաւ: Որքան որ Արեւմտահայաստանի մէջ կան թաքնուած հայեր, նո՛յնքան ալ Միջին Արեւելքի մէջ կան: Հալէպէն բացի, Սուրիան իր ամբողջութեամբ, սկսելով Տէր Զօրէն, Մեծ աղէտի նահատակ ժողովուրդին վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ: Անհամար տարագիրներ այս վայրերուն մէջ իրենց հոգին աւանդեցին ու անշիրիմ թաղուեցան:
Վեհափառը Հալէպ իր այցելութեան առթիւ հանդիպեցաւ նաեւ հայկական խաղաղասիրական ջոկատին, որ կը գործէ ռուսական բանակի հրամանատարութեան տակ: Խորհրդանշական հանդիպում մը, թերեւս առաջին անգամն ըլլալով, հայկական բանակայիններ իրենց խաղաղասիրական առաքելութիւնը կը կատարեն Սփիւռքի հայահոծ շրջանի մը մէջ, իրենց նպաստը բերելով հայութեան եւ տեղւոյն արաբ բնակչութեան: Պետական մակարդակով երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ երկրին, ուր հայութիւնը կրցած է ապաստանիլ եւ բարգաւաճիլ: Որքան որ կարեւոր են հայաստանեան ճակատի վրայ նոր Հայաստանի ղեկավարներուն քաղաքական նուաճումները, նո՛յնքան ալ կարեւոր է Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական կապերու հաստատումը քաղաքականապէս անկայուն Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Թէեւ հայկական ջոկատի Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը միջազգային քաղաքական օրակարգի պարտադրանքին պատճառով է, սակայն նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, առիթը օգտագործել՝ իմաստաւորելու համար այդ ներկայութիւնը հայկական դիւանագիտութեան կարեւոր նուաճում մըն է: Այսպիսով, Հայաստան կ՛ամրապնդէ ինքզինք ինքնիշխանութեան ճամբուն վրայ, վստահութիւն ներշնչելով համայն հայութեան, հակառակ արտաքին եւ ներքին բազմաթիւ խոչընդոտներու:
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի