ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԸ, ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Դարձեալ Երեքշաբթի է: Օրս պիտի իմաստաւորեմ աշակերտներուս հետ: Գիտեմ, զի՛ս կը սպասեն, ինչպէ՞ս չուրախանամ: Անոնք, 17 տարեկան տղաք ու աղջիկներ, 12րդ դասարանի աշակերտներն են Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան Վարժարանին (Էնսինօ): Ամէն Երեքշաբթի մենք միասին կը խօսինք հոգեւոր-կրօնական, ընկերաբարոյական եւ իրենց կեանքը յուզող զանազան հարցերու մասին, միշտ հանգիստ, անկեղծ ու ազատ, մտերիմ:
Կը հասնիմ դպրոց: 2 վայրկեան ուշացած եմ այսօր: Շուրջ ժամ մը նախատեսուած ճամբաս, խճողումի պատճառով, տեւած էր քիչ մը աւելի: Նախքան դասարան մուտք գործելս կը լսեմ տղոց հարցումը իրենց դաստիարակին. «Տիկի՛ն, Սրբազանը պիտի չգա՞յ»: Այդ պահուն կը մտնեմ դասարան, եւ՝ լուսաւորուած դէմքեր, ոսկեկրակ աչքեր, խոշոր ժպիտ. ու կը լսուի ուրախաձայն՝ «Աստուած օգնական Սրբազան Հայր»: Ես ալ ժպիտով կը պատասխանեմ. «Աստուած պահապան տղաք, լա՞ւ էք»: Պատասխանը. «Այո՛, Սրբազան»:
Կը շարունակեմ. «Այսօր, պիտի խօսինք Հայ Եկեղեցւոյ մասին», ու ներածական մը կ՛ընեմ. «…Հայ Եկեղեցին մարմին է, ապրող ու գործող: Ան սովորական կառոյց չէ: Անոր հովանաւորը Հայր Աստուածն է, գլուխը՝ Քրիստոսը, իսկ Ս. Հոգին՝ Եկեղեցին, մարմինը իրարու կապողն է: Մարմնին անդամները իրենք՝ հաւատացեալներն են (հմմտ Հռ 12.4), որ Աստուծոյ տան մէջ իրենց ներկայութեամբ Եկեղեցին կ՛եկեղեցիացնեն…»:
Մի՛ զարմանաք, անոնք շատ լաւ կը հասկնան հայերէն լեզուն, ու այնքա՜ն սահուն կը խօսին մայրենին: Արդիւնքը, իրենց ճիգն է, աշխատասիրութիւնն ու լրջութիւնը, որ պտղաւորուած է անցնող տարիներու հայերէն լեզուի, հայերէնով աւանդող ուսուցիչներուն երախտարժան գործով եւ ծնողներու բծախնդիր հետեւողականութեամբ:
Կը շարունակեմ. «Եկեղեցին, նաեւ ճարտարապետական մարմին է, որ իր մէջ կ՛ապրեցնէ եւ կ՛աճեցնէ աննիւթական Հայ Եկեղեցին: Ան հոգեւոր կեդրոնն է գաղութին: Ան կ՛ապահովէ շարունակականութիւնը մեր կրօնքին, մշակոյթին, ազգային ինքնութեան՝ յատկապէս օտար ափերու վրայ… Հայ Եկեղեցին մտքի լուսաւորութեան տուն եւ հոգիի նորոգութեան երդիկն է»:
Ինչպէս նախորդ անգամներուն, այսօր եւս, շուրջ քառորդ ժամ խօսելէ ետք, կ՛ըսեմ աշակերտներուս. «Հիմա, տղա՛ք, դո՛ւք պիտի արտայայտուիք օրուան նիւթին մասին: Քանի մը վայրկեան ամփոփուեցէք եւ ապա կ՛ուզեմ ձեզ լսել»:
Յաջորդաբար կը բարձրանան ուշադրութեան կարօտ ձեռքեր, պատասխաններ:
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ.-
– «Հոգեւոր դասարան է»,
– «Կեդրոն է»,
– «Յարութեան տուն է» (թուղթի մը վրայ կը սկսիմ գրի առնել պատասխանները),
– «Ուէլքամինկ վայր մըն է»,
– «Հոն մեր մեղքերը կը ներուին»,
– «Ուժեղ քըննէքշըն կայ Աստուծոյ հետ»,
– «Մարդիկ հոն կը զուգուին, կը պսակուին»,
– «Ան քրիստոնեաներ կը ստեղծէ»,
– «Եկեղեցւոյ մէջ ինքնութեանդ մէջ կը մնաս»,
– «Աստուծոյ հետ մտերիմ կը զգաս»,
– «Տէր իզ նօ ճաճմընթ»,
– «Եկեղեցւոյ մէջ աղօթքը կ՛երեւի»,
– «Հաւաքական ուժ է»,
– «Հոն ազատ կը զգամ»,
– «Բայց ոչ առանձին» (կը պատասխանէ ուրիշ մը քովէն),
– «Աստուծոյ տունն է»,
– «Աղօթքի տուն է»,
– «Սրբավայր է»,
– «Հաւատացեալներու հաւաքավայր է»,
– «Ապահով տեղ մըն է»,
– «Սուրբ վայր մըն է»,
– «Քրիստոնէութեան տունն է»,
– «…ՀԱՅՈՑ ՏՈՒՆՆ Է…»
Եւ դասապահի աւարտի զանգը կը հնչէ:
«Եկող շաբաթ կը շարունակենք, տղա՛ք: Ապրի՛ք, բարի օր ձեզի», կ՛ըսեմ եւ իրենց հետ դուրս կու գամ դասարանէն: Ընթացքին՝ տղոցմէ մէկը կ՛ըսէ. «Այս պահը միշտ արագ կ՛աւարտի: Սրբազա՛ն, կրնա՞նք շաբաթը երկու անգամ տեսնուիլ»: Յուզումնախառն ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի դէմքիս վրայ:
…Այժմ, աշխատանքի սեղանիս առջեւ նստած, վերստին կը մտածեմ այդ պահուան մասին: Կը կարդամ անոնց պատասխանները: Կը պարծենամ իրենցմով, հայ-քրիստոնեայ աշակերտներովս: Անոնք իրենց ինքնաբուխ արտայայտութիւններով միշտ ուշագրաւ մատնանշումներ կը կատարեն: Կ՛ընեն այնպիսի հաստատումներ, որոնք պարզ են, բիւրե՛ղ, ամբողջակա՜ն: Այո՛, ես ամէն Երեքշաբթի, օրս կ՛իմաստաւորեմ ու կը հարստացնեմ զայն Ֆերահեան վարժարանի, իսկ ամէն Հինգշաբթի՝ Հոլիվուտի Ազգային Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի 12րդ դասարանի աւելի քան 100 աշակերտներուս հետ:
Որքա՜ն ոգեւորող եւ հպարտալի է Լոս Անճելըս ծնած եւ հասակ առած հայ աշակերտէն լսել. «Սրբազան Հայր, ինծի համար ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՏՈՒՆՆ Է, իմ տունս է, ընտանիքիս տունն է, մեր ազգին տունն է»: