ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Եւորմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիօթր Սվիթալսքի Ապրիլ 4ին յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, Եւրոպական Միութիւնը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով միջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացուի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու կողմէ եւ անոնք ամբողջութեամբ կ՛առաջնորդեն այս գործընթացը: Մենք ամբողջութեամբ կ՛աջակցինք համանախագահներու ջանքերուն», ըսաւ ան: