ՔԱՐՍԸՆ ՍԻԹԻ.- 21-22 Մարտին, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր Նեւատայի մասնաճիւղին, նահանգին մօտաւորապէս 20,000 հայերուն տեսակէտները եւ առաջնահերթութիւնները ներկայացուեցան Նեւատայի նահանգային իշխանութիւններուն։
«Նեւատայի հայկական համայնքը արդէն իսկ քաղաքական լուրջ ուժի մը վերածուած է եւ մենք կը գնահատենք Հայ Դատի ի նպաստ ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման եւ Արցախին զօրակցելու ջանքերուն մէջ անոր տարած աշխատանքը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սագօ Պէրպէրեան։
Առաջնորդութեամբ Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետներ՝ իրաւաբաններ Հերա Արմէնեանի եւ Լենա Յովհաննէսեանի, 21-22 Մարտին, նահանգին մայրաքաղաքին մէջ 20է աւելի հանդիպումներ կարելի եղաւ իրականացնել Նեւատայի նահանգային ղեկավարութեան հետ, ներառեալ՝ նահանգապետ Սթիւ Սիսոլաքի եւ նահանգային Ծերակոյտի ու խորհրդարանի անդամներու հետ, քննելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս՝ նահանգին հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը։
Խորհրդակցութեանց մասնակցեցան Սագօ Պէրպէրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան, համայնքային յարաբերութեանց համակարգող Սիմոն Մաղաքեան, ինչպէս նաեւ Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութեան մասնագէտներ Ներսէս Կոպալեան եւ Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան։
Նաեւ, Հայ Դատի ներկայացուցիչներ եւ նահանգին մէջ բնակող հայեր ներկայ եղան Նեւատայի նահանգային Ծերակոյտի նիստերուն, որոնց ընթացքին ծերակուտական Տալլաս Հերիս իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուց հայ հիւրերը։
Վերջապէս, 22 Մարտին, նահանգային խորհրդարանի մեծ սրահի մէջ, Հայ Դատի կողմէ տեղի ունեցաւ հայկական անուշեղէնի հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ եղան շարք մը նահանգային օրէնսդիրներ եւ անոնց ներկայացուցիչները, որոնք նաեւ առիթը ունեցան դիտելու Ամերիկայի Հայ Դատ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին գործունէութեան նուիրուած տեսանիւթը։
Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետներ Արմէնեան եւ Յովհաննէսեան մեծապէս յաջողած եւ արդիւնաբեր կը նկատեն մայրաքաղաք Քարսըն Սիթիի մէջ Հայ Դատը ջատագովելու այս նախաձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը, Արցախի ժողովուրդին կացութիւնը եւ Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ մեր նախահայրերու հայրենիքը ժողովրդավարութեան համար առաջնորդող աստղ մը դարձնելու կարելիութիւնը»։