ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ազգային ժողովը ներկայացուց 2019ի Փետրուար եւ Մարտ ամիսներու հաշուետուութիւնը, որուն համաձայն, 2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ խորհրդարանը զգալիօրէն կրճատած է ծախսերը:
Ընթացիկ տարուան երկու ամիսներուն ընթացքին նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ ներկայացուցչական ծախսերը կրճատուած են 75 տոկոսով, իսկ ծառայողական ինքնաշարժներու թիւը նուազած է 44 տոկոսով:
Վառելիքի ծախսերը կրճատուած են 33.7 տոկոսով, իսկ բջիջային հեռաձայններու վճարներու ծախսերը կրճատուած են 30 տոկոսով: