ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Շաբաթ, 6 Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ընկերական հաւաքը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու, Արցախի բոլոր շրջաններու պատասխանատու ընկերներու եւ ՀՅԴի կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ընկերական հաւաքին մասնակցող առաւել քան 120 դաշնակցականները քննարկեցին Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր յատկապէս Արցախի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, ներքին քաղաքական անցուդարձերը եւ 2019ի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ 2020ի հանրապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: