«Երկիր»ը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Փորթուգալ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 8 Ապրիլին հանդիպում ունեցաւ երկրի վարչապետ Անթոնիօ Քոշթայի հետ:
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ պատմական կապերուն ու հարուստ մշակութային ժառանգութեան՝ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, զոր ամէն հայ հպարտութեամբ կը յիշէ:
Փորթուգալի վարչապետը իր կարգին անդրադարձաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի գործունէութեան, անոր թողած ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Փորթուգալի համար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» բարեգործական ու գիտական-մշակութային հիմնարկի կարեւոր դերին:
Հայաստանի նախագահը եւ Փորթուգալի վարչապետը գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ փոխանակեցին միտքեր:
Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ երկու երկիրները կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան մեծ ներոյժ ունին, ապա առաջարկեց ուսանողներու ու գիտնականներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական համատեղ ծրագիրներու իրականացում։
Յայտնելէ ետք, որ Փորթուգալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցումէն տեղեակ է՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ Հայաստան այս ոլորտին մէջ իր գիտական ներոյժով ու փորձառութեամբ պատրաստակամ է մասնակցելու ծրագրի իրագործման աշխատանքներուն:
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ Հայաստան եւ Փորթուգալ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, բնական գիտութիւններու, արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան մեծ կարելիութիւններ ունին:
Նախագահ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ զբօսաշրջութիւնը հայ-փորթուգալական գործակցութեան արդիւնաւէտ ոլորտներէն մէկը կրնայ դառնալ: «Հայաստան եւ Փորթուգալ հրաշալի երկիրներ են եւ զիրար բացայայտելու կարիքը ունին», յայտնեց նախագահը:
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային կապի հաստատման կարելիութեան մասին եւ պայմանաւորուեցան ուսումնասիրել հարցը: