ՓԱՐԻԶ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, Երեքշաբթի, 17 Ապրիլին ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ:
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար ու նշեց, որ հանդիպման օրը զգացական տեսակէտէն մեծ նշանակութիւն ունի Փարիզի Նոթր Տամ մայր տաճարի հրդեհին պատճառաւ: Այս առթիւ, նախարարը հայկական կողմին համերաշխութիւնը յայտնեց Ֆրանսային եւ անոր ժողովուրդին: Զօհրապ Մնացականեան նոյն ժամանակ իր պաշտօնակիցին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նամակը՝ հասցէագրուած Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին: Փաշինեան այդ նամակին մէջ կը յայտնէ, որ յոյս ունի, թէ համատեղ ջանքերով անհրաժեշտ քայլերը պիտի ձեռնարկուին՝ Նոթր Տամի նախկին տեսքը վերականգնելու համար:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան գոհունակութիւն յայտնեցին աւանդական բարեկամութեան եւ համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ ամուր համագործակցութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով երկուստեք պատրաստակամութիւնը ապահովելու երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակութիւնը՝ նոր նախաձեռնութիւններու միջոցաւ: Զրուցակիցները նշեցին, որ երկկողմանի օրակարգի աւանդական՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտական, կրթական եւ մշակութային ուղղութիւններուն վրայ աւելցած է նաեւ համագործակցութիւնը բարձր արհեստագիտութիւններու, նորարութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչ որ մեծ ներուժ ունի:
Յատկապէս կարեւոր համարելով ֆրանսահայ համայնքը՝ նախարարները ընդգծեցին անոր հարուստ պատմութիւնը եւ ուրոյն դերակատարութիւնը՝ որպէս կամուրջ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն առաւել ամրապնդման եւ օրակարգի հարստացման ուղղութեամբ:

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ կողմերուն միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Այս ամբողջին մէջ նշուեցաւ, որ թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ անոր անդամ պետութիւններուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէն՝ իրաւական նոր հիմք մը կը հանդիսանայ այս համաձայնագիրը: Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը՝ ապահովելու համար այս համաձայնագիրին արդիւնաւէտ կիրառումը: Նոյն ժամանակ, Մնացականեան կարեւոր համարեց վիզաներու ջնջման նպատակով երկխօսութեան մեկնարկի հարցը: Ան շեշտեց, որ այս գործընթացը հնարաւորութիւն պիտի տայ առաւել ընդլայնելու մարդոց միջեւ շփումները եւ խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն համագործակցութեան ամրապնդման:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝ Մնացականեան ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները: Ան վերահաստատեց Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները՝ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման գործընթացին մէջ: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար բարենպաստ միջավայրի մը ձեւաւորումը՝ վստահութեան ամրապնդման քայլերու միջոցաւ: