Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հիւսիսային շրջանին մէջ, 10 տարիներէ ի վեր կը գործէ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէն, որ իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր, անխոնջ կերպով աշխատանք կը տանի զանազան մարզերու մէջ, իր շուրջ հաւաքելով ամէնէն կրտսերը եւ շրջանի տարեցները, բոլորին հայթայթելով իրենց կարիքներուն համաձայն գիտելիքն ու օգնութիւնը: Կոմիտէն իր հիմնադրութեան թուականէն քանի մը տարի ետք, արդէն Չեցուըրթ փողոցին վրայ հաստատած էր իր կեդրոնը, որուն մէջ գործի անցած էին յարակից միութիւնները եւ զանազան յանձնախումբեր: Ատենին, կեդրոնի տարբեր սենեակներուն համար ապահովուած էին բարերարներ, ինչպէս նաեւ Ճորճ Թիթիզեանի կողմէ հովանաւորուած էր սրահը, որ կը կրէ «Թիթիզեան» սրահ անունը:
Սակայն, Շաբաթ, 2 Մարտ 2019ին, կոմիտէութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ընթացքին, շրջանիս բարերարներէն տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ կատարեցին իշխանական նուիրատուութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կոմիտէն որոշում տուաւ կեդրոնը այսուհետեւ անուանելու բարերարի ծնողներուն յիշատակին՝ «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» կեդրոն: Այս ուղղութեամբ, Յունիս ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ կեդրոնի անուանակոչութեան պաշտօնական արարողութիւնը, որ ատենին պիտի հաղորդուի ժողովուրդին մամուլի միջոցաւ:
Այս առթիւ, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէն իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կ՛ուզէ յայտնել տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք անցեալին ամէն առիթ օգտագործած են եւ նեցուկ կանգնած կոմիտէութեան: Նախապէս Մելքոնեան ամոլը հովանաւորած էր ՀԵԴի սենեակը, նաեւ զանազան տարբեր առիթներով օժանդակած կոմիտէի տարած աշխատանքներուն:
(Կոմիտէի Թղթակից)