ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ, «Նոր Օր».- Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի կէսօրին, տարեցներու «Արարատ Տան» մէջ տեղի կ՛ունենայ ճաշկերոյթ մը՝ հովանաւորուած հայկական կազմակերպութեան մէջ անհատի մը կողմէ։ Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին, ճաշը հովանաւորուած էր ՀԲԸՄի կողմէ, իր համայն վարչական միաւորներու եւ ղեկավարութեանց մասնակցութեամբ:
«Տէօքմէճեան» սրահը լեցուն էր հայ հասարակութեամբ, որ ժամանած էր վայելելու Միջինքի համեղ ճաշերը եւ մանաւանդ՝ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի երկու վարժարաններուն՝ Մանուկեան-Տեմիրճեանի (Քանոկա Փարք) եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի (Փասատինա) աշակերտներու գեղարուեստական գեղեցիկ ելոյթը, որ յատուկ պատրաստուած էր այդ օրուան առիթով դոկտ. Սիլվա Գարայեանի ջանքերով եւ ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց «Արարատ տան» Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Գաւալճեան։ Բարի գալստեան խօսք ուղղեց նաեւ հաստատութեան վարչութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեան, իսկ տէր Երեմիա Խաչատրեան օրհնեց սեղանները եւ ներկաները:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ ճաշէն ետք, ՀԲԸՄի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանի Հոգաբարձութեան կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. Սիլվա Գարայեանի ասքով։ Շնորհաւորելով ՀԲԸՄը իր 113րդ տարեդարձին առիթով՝ ան նշեց, որ անիկա իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ աջակցած է աշխարհատարած հայորդիներուն։
Գեղարուեստական բաժինը սկսաւ Աստղիկ Տատուրեանի կողմէ՝ Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» քերթուածին արտասանութեամբ: Անոր յաջորդեց Մանուկեան-Տեմիրճեան նախակրթարանի երգչախումբին ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ Արուս Անդրէասեանի։ Ներկայացուեցան ՀԲԸՄի քայլերգը եւ անգլերէն ու հայերէն երգերու փունջ մը։
Նոյն վարժարանի երկրորդական դասարաններու պարախումբը՝ Անայիս Աւանէսեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուց «Կիլիկիա» եւ «Երեւան» պարերը, իսկ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աշակերտներու երգչախումբը, խմբավար Պարթեւ Կիւլիւմեանի ղեկավարութեամբ եւ Էլմիրա Սիմոնեանի դաշնամուրի մասնակցութեամբ՝ ներկայացուց փունջ մը հայերէն երգեր, որոնց ընթացքին իբրեւ մենակատար ելոյթ ունեցան Լուսինէ Պէսնէլեան եւ Դաւիթ Աբիկեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի պարախումբին «Յաղթանակ» պարով:
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեան, իսկ հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վիճակահանութեամբ:
(Քաղուած Յակոբ
Մարտիրոսեանի
թղթակցութենէն)