ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, 18 Ապրիլին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու խորհուրդին հերթական նիստը:
Յանձնախումբերու պատասխանատուները կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցեցին: Անոնք ըստ ոլորտներու մատնանշեցին հանրային հնչեղութիւն ունեցող հարցերը, որոնց մասին եւս պատկան յանձնախումբերուն կողմէ յառաջիկային հանրութեան պիտի ներկայացուին ծրագրային ամբողջական փաստաթուղթեր:
Քննարկուեցան նաեւ ապրիլեան եւ մայիսեան համազգային ձեռնարկներուն վերաբերող, նաեւ օրակարգի վրայ գտնուող կազմակերպական շարք մը հարցեր: